2014-02-07 13:40:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի գործունէութիւնը` Լեհաստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ հանդիպում։


Ուրբաթ, 7 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սանդիակօ Տէ Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի մնայուն յանձնախումբը, յանձինս անոր նախագահին գերապայածառ Ռիքարտօ Էցցադի Անտրէլլոյի, փոխ նախագահ գերապայծառ Ալէխանտրօ Կոյչ Քարմէլիչի, երկու անդամ եպիսկոպոսներուն եւ ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Ինիացիօ Ֆրանսիսքօ Տուաքասս Մէտինայի։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց երբեմնի Եուկոզլավիօ Մակեդոնիայի, Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Կիոքօ Կիորկիեւսքի, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներուն, որոնք 1 – 8 փետրուար, Վատիկան ժամանած են, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Հանդիպումի ընթացին Ֆրանիչկոս Քահանայապետը եպիսկոպոսներուն յանձնեց այս առթիւ պատրաստած ճառը որուն սկիզբը, կը մատնանշէ թէ այս հանդիպումը կը զուգադիպի ՅՊԲ-ի սրբադասման նախօրեակին։ ''Ամէնքս մեր սրտին մօտ ունինք այս վեհանձն Հովիւը. Անոր առաքելութեան բոլոր հանգրուաններով, որպէս քահանայ, որպէս եպիսկոպոս եւ որպէս քահանայպետ։ Ան մեզի տուաւ լուսաւոր վկայութիւնը ամբողջութեամբ յանձնուելով Աստուծոյ ու Անոր մօր եւ նուիրուելով Եկեղեցւոյ ու մարդոց։ Ան մեզի կ՛ընկերանայ երկինքէն ու մեզի կը յիշեցնէ որքան կարեւոր է Եպիսկոպոսներու միջեւ հոգեւոր եւ հովուական հաղորդութիւնը։ Հովիւներու միութիւնը. հաւատքի, սիրոյ, դաստիարակութեան եւ հաւատացեալներու հոգատարութեան մէջ, Եկեղեցական հասարակութեան կեդրոնական կէտ մըն է – գրած է Քահանայապետը ու շեշտած` ''սիրելի եղբայրներ ` ոչ մի բան եւ ոչ մէկը թող մեր մէջ բաժանում ստեղծէ''։
''Կանչուած էք կառուցելու եղբայրական սիրոյ վրայ հիմնուած հաղորդութիւնն ու խաղաղութիւնը, ու քաջալերական վկայութիւն մը տալու'', կը գրէ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով այս օրերուն Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած խմբային եւ առանձնական հանդիպումներուն, որմէ ի յայտ եկաւ թէ Լեհաստանի Եկեղեցին` հաւատքի, աղօթքի, սիրոյ եւ քրիստոնէական ապրումի հզօր կարելիութիւններ ունի։
Այս առընչութեամբ` Սրբազան Հայրը խօսքը կը կեդրոնացնէ ընտանիքի հովութեան վրայ։ Ընտանիքը որ է ''ընկերութեան հիմնական բջիջը'' եւ ''վայրը` ուր կը դաստիարակուի տարբերութիւններու մէջ համակեցութիւն եւ ուրիշներուն պատկանելիութիւն ինչպէս նաեւ վայրը ուր ծնողները հաւատքը կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն''։
Ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ընդգծէ ժամանակակից ընկերութեան մէջ ամուսնութեան ըմբռնումը եւ ընտանեկան բաժանումներու եւ ամուսնալուծումի հարցերը ու կը հրաւիրէ եպիսկոպոսները ուշադրութեամբ հետեւելու այս հարցին եւ հովուական հոգատարութիւն ցուցաբերելու անոնց որոնք այսպիսի կացութեան մէջ կ՛ապրին, որպէսզի իրենք զիրենք Աստուծոյ ողորմութենէն զրկուած չզգան։ Օգնեցէք զանոնք չկորսնցնելու իրենց հաւատքը եւ իրենց զաւակները մեծցնելու քրիստոնէական ապրումով, կը յանձնարարէ Սրբազան Հայրը ու ապա նկատել կը տայ թէ ''պէտք է նաեւ երիտասարդներուն երաշխաւորել ամուսնական կեանքի աւելի խոր պատրաստութիւն մը որպէսզի պատասխանատուութեամբ մօտենան այս խորհուրդին, որ հիմնուած է սիրոյ վրայ եւ որ կարող է յաղթահարել դժուարութիւններն ու խոչընդոտները եւ անձնասիրութիւնը ու գիտէ ըլլալ ներողամիտ։
Եկեղեցական կառոյցները ըլլան ունկնդրութեան, երկխօսութեան, մխիթարութեան եւ զոյգերու աջակցութեան վայրեր, որպէսզի անոնք Հովիւներուն մէջ գտնեն իսկական Հայրերու եւ հոգեւոր առաջնորդներու աջակցութիւնը, որոնք զիրենք կը պաշտպանեն ժխտական գաղափարաբանութիւններէն ու զանոնք կ՛օգնեն Աստուծոյ սիրոյն մէջ զօրանալու։
Իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛ակնարկէ նաեւ Քրաքովիայի մէջ նշուելիք` 2016-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, վերահաստատելով թէ ''երիտասարդներն ու տարեցները Եկեղեցւոյ յոյսը կը կազմեն''։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ արդիական հաղորդակցութեան միջոցներուն որոնք` մէկ կողմէն հաղորդութեան նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, սակայն միւս կողմէն միջ-մարդկային եւ անհատական յարաբերութիւնները կը նուազեցնեն։
''Երրորոդ կէտը որուն մասին կ՛ուզեմ ակնարկել` Քահանայական կոչումն է'' կը գրէ Սրբազան Պապը։ Լեհաստանի Եկեղեցին երբեք թող չի հոգնի նոր կոչումներու համար աղօթելէ։
Ձեզի սիրելի եպիսկոպոսներ կ՛իյնայ պարտականութիւնը` այդ աղօթքները վերածելու հովուական գործնական յանձնառումի , քահանայութեան թեկնածուներու ուղիղ կազմաւորումով։ Քահանայութեան վկայութեան լոյսը կրնայ մթագնիլ երբ պակսի առաքելական հոգին` որ է կամքը մենք մեզմէ դուրս ելլելու եւ ընթանալու դէպի ''արուարձանները'' տանելու համար Քրիստոսի Բարի Աւետիսը։ Այս առաքելական հոգին կը պահանջէ նաեւ աղքատութեան հոգի, նուիրումի հոգի, որպէսզի ազատութեամբ աւետենք եւ անկեղծ ըլլանք սիրոյ վկայութեան մէջ։
Իր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը կը յորդորէ եպիսկոպոսները հոգատարութիւն ցուցաբերելու աղքատներուն, զրկուածներուն, հիւանդներուն եւ ինչազուրկերուն, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն, որոնք ապրելու եւ իրենց զաւակները դսատիարակելու նպաստաւոր կարելիութիւններ չ՛ունին։ Ու կը հրաւիրէ նաեւ չմոռնալ անոնք որ կը հեռանան երկրէն աւելի վայել կեանք մը ապահովելու համար, իրենց եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն։ Ասոնց հանդէպ ալ հարկաւոր է հովուական պատշաճ հոգատարութիւն որպէսզի իրենց հոգեւոր աւանդութիւններն ու հաւատքը կարենան պահպանել'' կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ապա ճառը կ՛ եզրափակէ ներկաներէն խնդրելով որ իր ողջոյնը փոխանցեն իրենց հաւատացեալներուն, հայցելով անոնց վրայ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որ պաշտպանէ բոլոր կղերական դասը ու Լեհաստանի համայն ժողովուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.